«Ռետ-Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ, աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերսթափեն, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ գրաւեց առաջին դիրքը Հունգարիոյ կրան փրիին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:
70 լեփնոց այս կրան փրիին, ան ժամանման գիծ հասաւ, արձանագրելով 1 ժամ 38′ 08” արդիւնք մը:
Այսպիսով, Վերսթափեն, որ այս տարի 9 անգամ հանդիսացաւ առաջին, արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 44-րդ յաղթանակը:
Յաջորդական եօթը յաղթանակ արձանագրած են նաեւ Ալպերթօ Ասքարի (1952-1953), Միքայէլ Շումախըր (2004) եւ Նիքօ Ռոզպըրկ (2015-2016):
Նշենք սակայն, որ մրցանիշը կը պատկանի նոյնինքն Վերսթափենին, որ 2013-ին արձանագրած է յաջորդական 9 յաղթանակ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ան աւելիով ամրապնդեց իր դիրքը` հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ (281 կէտ)յ: