Սամուէլ Ումթիթի Միացաւ Ֆրանսական Լիլին
Ֆրանսացի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթի, քաթալոնական Պարսելոնա տեղափոխուելէն եօթը տարեշրջան ետք, վերադարձաւ «Լիկ-1» եւ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Լիլի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 29 տարեկան ֆութպոլիստը Լիլին միացաւ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, իր պայմանագրութիւնը խզելէ ետք Պարսելոնայի հետ: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ումթիթի, որ փոխ տրուած էր իտալական Լեչէի, անոր հետ կատարեց 25 մրցում:




















