Ճափոնի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, 400 մեթրի ազատ լողի մրցումներուն արձանագրուեցաւ աշխարհի նոր մրցանիշ մը:
21 տարեկան ֆրանսացի Լէոն Մարշան յաջողեցաւ գերազանցել ամերիկացի Մայքըլ Ֆելփսի հաստատած մրցանիշը` արձանագրելով 4’02″50 արդիւնք մը:
Ողիմպիականի 23-ակի ախոյեան Ֆելփս իր մրցանիշը հաստատած էր Պէյճինկ-2008-ի ողիմպիական խաղերուն` արձանագրելով 4’03″84 արդիւնք մը:
Նշենք, որ 400 մեթր համալիր լողի մրցանիշը Մայքըլ Ֆելփսի անհատական մրցումներուն սահմանած վերջին մրցանիշն էր, որ չէր գերազանցուած (50 մեթր լողազաւանին մէջ):