Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենէն իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ հեռացած սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս բաւական մօտ է ամերիկեան Ինթեր Մայեմիի հետ պայմանագրութիւն մը կնքելու:
Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, կողմերը իրարու հետ գրեթէ համաձայնութիւն գոյացուցած են, սակայն կը մնան որոշ մանրամասնութիւններ, որոնց շուրջ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
37 տարեկան Ռամոս 2022-2023 տարեշրջանին ֆրանսական ակումբին իր կատարած 45 մրցումին ընթացքին նշանակեց չորս կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը: