21-23 յուլիսին Երեւանի «Կազփրոմ Արմենիա» մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցան Եւրոպայի վոլիպոլի 22 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան Ե. խմբակի զտումի մրցումները:
Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց, բնականաբար չկրցաւ յաղթահարել զտումի արգելքը եւ դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:
Նշենք, որ Հայաստան պարտուեցաւ Փորթուգալէն, Ֆրանսայէն եւ Դանիայէն, երեքն ալ` 3-0 արդիւնքով:
Այս խմբակէն Եւրոպայի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը ապահովեցին Ֆրանսա եւ Փորթուգալ: