Շաբաթ, 1 յուլիսին Պիլպաոյէն (Սպանիա) սկսած Ֆրանսայի 2023-ի հեծելարշաւի շրջավազքը` «Թուր Տը ֆրանս»-ը, կիրակի, 23 յուլիսին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ 21-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը, Սեն Քուենթեն Ան Իվըլինէն` Շան զ՛Ելիզէ (115 քմ):
Նշենք, որ Ֆրանսայի այս շրջավազքը տեղի կ՛ունենար 110-րդ անգամն ըլլալով:
Արձանագրելով 82 ժամ 05′ 42” արդիւնք մը, դանիացի 26 տարեկան հեծելանւորդ Եոնաս Վինկըկաարտ, որ մաս կը կազմէ նետերլանտեան Ճամպօ Վիսմա խումբին, հանդիսացաւ ախոյեան, այսպիսով հագնելով դեղին շապիկը եւ տիտղոսը պահելով իր մօտ:
Անոր ետին, երկրորդ դիրքը նախորդ տարուան նման գրաւեց սլովենիացի Թատեժ Փոկաքար (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խումբ), որ արձանագրեց 82 ժամ 13′ 11” արդիւնք մը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց այս վերջինիս խմբակից, անգլիացի Էտըմ Եէյթց (82 ժամ 16′ 38”):
Ասթանա Ղազախստան խումբը, արձանագրելով 8 ժամ 48′ 39” արդիւնք մը, գրաւեց խմբային դասաւորման առաջին դիրքը:
Իսկ լեռնային հանգրուանի (115 քմ) առաջին դիրքը գրաւեց իտալացի Ճիուլիօ Քիքոնէ (Լիտըլ-Թրեք խումբ):