Սէուտական Արաբիան ներկայացնող խումբերէն` Հիլալ ֆրանսացի անուանի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի փոխանցման համար պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուց անոր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենին:
Արաբական ակումբը ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետին համար առաջարկեց մրցանշային գումար մը… 300 միլիոն եւրօ:
Էմպափէով բաւական մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Ռէալ Մատրիտ:
24 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 180 միլիոն եւրոյով: