Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի Ա. խմբակի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Անտորրայի մէջ, Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Մոլտովայի դէմ, արձանագրեց 75-58 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակողը հանդիսացաւ Հայաստանէն Սեդա Գաբրիէլեան, որ նշանակեց 41 կէտ (ինչպէս նաեւ` 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ):
Հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր Ճիպրալթարին (99-36), ապա պարտուած` Մալթայէն (62-46) եւ Վրաստանէն (77-61):
5-6-րդ դիրքին համար Հայաստան պիտի մրցի Ալպանիա-Ճիպրալթար մրցումին յաղթականին դէմ:


