Ռուսահայ թենիսվումըն Էլինա Աւանեսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցող Պուտափեշթի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. -250» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
20 տարեկան Աւանեսեան, որ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ հունգարացի Աննա Պոնտարի (144-րդ) դէմ, արձանագրեց 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սակայն 69-րդ դասուած Աւանեսեան քառորդ աւարտականին մրցեցաւ արժանթինցի Նատիա Փոտորոսքայի (դասուած 80-րդ) դէմ եւ անկէ կրեց 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը: