Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի նշանակեց իր նոր ակումբին` Ինթեր Մայեմիի յաղթանակի կոլը, իր նորամուտի մրցումին:
36 տարեկան յառաջապահը մեքսիքական Քրուս Ասուլի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի «Լիկ Քափ»-ի մրցաշարքի առաջին մրցումին դաշտ ներկայացաւ 54-րդ վայրկեանին եւ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+4-րդ) սքանչելի ազատ հարուածով մը, նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը (2-1):
Նշենք, որ «Լիկ Քափ»-ը ակումբներու մրցաշարք մըն է, որուն կը մասնակցին ամերիկեան եւ մեքսիքական խումբերը:
«Մէյճըր Լիկ»-ը ներկայացնող ամերիկեան ակումբին հետ իր նորամուտը նշեց նաեւ քաթալոնական Պարսելոնայի նախկին միջնապահ, սպանացի Սերճիօ Պուսքեթց, որ իր կարգին դաշտ ներկայացաւ 54-րդ վայրկեանին: