Ռուսահայ թենիսվումըն Էլինա Աւանեսեան, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. -250» թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով:
Աշխարհի դասաւորման 68-րդ դիրքին վրայ գտնուող Աւանեսեան, որ 1-32-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ մրցեցաւ ռուս Եւգենիա Ռոտինայի դէմ, առաջին սեթին յաղթեց 6-2 արդիւնքով:
Երկրորդին, մինչ մրցումը կ՛ընթանար ի նպաստ Աւանեսեանի` 2-0 արդիւնքով, անոր մրցակիցը քաշուեցաւ մրցաշարքէն:
Աւանեսեանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ 36 տարեկան իտալացի Սարա Էրրանի: