31 յուլիսէն 6 օգոստոսին Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) տեղի պիտի ունենայ յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի պատանեկան ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան պիտի մասնակցի յունահռոմէական ոճի 9 ըմբիշով եւ ազատ ոճի 10 ըմբիշով:
Յունահռոմէական ոճի ախոյեանութեան Հայաստան 110 քկ դասակարգին մէջ մասնակից պիտի չունենայ: