Հերի Քէյն Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Չերկարաձգէ Թոթենհամի Հետ
Լոնտոնեան Թոթենհամի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Հերի Քէյն իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին ղեկավարութիւնը: 29 տարեկան ֆութպոլիստը որ իր կազմին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2024-ի ամառը, այդ թուականէն ետք պիտի դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած ակումբին: Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ թէեւ կը փորձէ մարզիկներու...




















