Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած Ժունիորէն Ռուտֆահրթ շրջավազքի Ա. հանգրուանի մրցումին ընթացքին, իտալացի հեծելանւորդ` Եաքոպա Վենցօ արկած մը ունենալով մահացաւ:
Նշուեցաւ, որ Քամփանա Իմպալակկի Ճէօ էնտ Թեքս խումբին մաս կազմող 17 տարեկան հեծելանւորդը, լեռնէն վար գլտորած եւ մահացած է:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ անոր մահուան ի տես, կազմակերպիչները շրջավազքը չեղեալ նկատեցին:
Անոր ակումբը իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց հեծելանւորդին ընտանիքին: