Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Թորոնթոյի «Մասթըրզ»-ի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, այս մասին տեղեկացուց մրցաշարքին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ անոր բացակայութեան պատճառը յոգնածութիւնն է:
36 տարեկան Ճոքովիչին պիտի փոխարինէ ամերիկացի Քրիսթոֆըր Եուպենքս:
«Մասթըրզ»-ի վերոնշեալ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 7-13 օգոստոսին: