Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Քարլսըն-Փրակնանանտհա Աւարտական
18 տարեկան հնդիկ կրանտմասթըր Ռամեշպապու Փրակնանանտհա ապահովեց աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը: Կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, ան թայ պրէքով մրցաշարքէն դուրս ձգեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարաուանան` անոր դէմ արձանագրելով 3,5-2,5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աւարտականի մրցումին, անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ աշխարհի 16-րդ ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը, որ իր յաղթանակը արձանագրեց ազրպէյճանցի Նիճաթ Ապասովի դէմ:




















