Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն Հիլալի (Սէուտական Արաբիա) միացած պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի իր ակումբին կատարելիք քանի մը մրցումներէն:
Արաբական խումբին կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 31 տարեկան պրազիլցին կազմին միացաւ վիրաւոր վիճակի մէջ, սակայն ան այդքան ալ ծանր մկանային վնասուածք չունի եւ այժմ վերականգնողական հանգրուանի մը մէջ է:
Նշենք, որ ան Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրաւէր ստացած է` մասնակցելու սեպտեմբերին տեղի ունենալիք 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
8 սեպտեմբերին Պրազիլ պիտի մրցի Պոլիվիոյ դէմ, իսկ 12 սեպտեմբերին` Փերուի դէմ:
Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` Հիլալի հետ, նախատեսուած է մինչեւ 2025: