Նախորդ շաբաթավերջին, սկսաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 2023-2024 տարեշրջանը, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով, երբ Վերտըր Պրեմընի դաշտին վրայ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Լոնտոնեան Թոթենհամէն մարզիչ Թոմաս Թուխելի կազմին` Պայէրնի միացած անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն, այս մրցումին նշանակեց նոր տարեշրջանի իր առաջին կոլը` 75-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ երկու կազմերը ախոյեանութեան գծով իրարու դէմ յանդիման եկան 113-րդ անգամ ըլլալով, ինչ որ մրցանիշ մըն է «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն գծով:
Շաբաթ մը առաջ, Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով, Պայէրն 3-0 արդիւնքով պարտուած էր Լայփցիկէն:


