Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պելճիքացի միջնապահ Քեւին Տը Պրույնը, որ նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին կատարած տարեշրջանի բացման մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, քանի մը ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք է, որ կը յստականայ ֆութպոլի դաշտերէն անոր բացակայութեան ճշգրիտ ժամանակը, յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին քարտուղարութիւնը:


