Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող «Ֆարաոնզ Քափ»-ի մարմնամարզութեան միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչներ` Համլեթ Մանուկեան եւ Մամիկոն Խաչատրեան, շարունակելով իրենց տպաւորիչ ելոյթները, տիրացան յաւելեալ մետալներու:
Մանուկեան հանդիսացաւ եռակի ախոյեան, իսկ Խաչատրեան` կրկնակի փոխախոյեան:
Մանուկեան ոսկիէ մետալներու տիրացաւ նժոյգի, օղակներու եւ ազատ ոճի մրցումներուն, իսկ Խաչատրեան` օղակներու եւ ազատ ոճի մրցումներուն:
Խաչատրեան տիրացաւ նաեւ պրոնզ մետալին` նժոյգի մրցումներուն:
Անոնք այժմ պիտի պայքարին տիրանալու համար նաեւ յաւելեալ մետալներու` զոյգափայտի եւ պտտաձողի մրցումներուն:


