Մարզական

Աշխարհի Ուսանողական Ախոյեանութիւն.  Ալաբերքեան Եւ Ասլիկեան Պիտի Պայքարին Ոսկի Մետալի Համար

Աշխարհի Ուսանողական Ախոյեանութիւն. Ալաբերքեան Եւ Ասլիկեան Պիտի Պայքարին Ոսկի Մետալի Համար

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աշխարհի ուսանողական ախոյեանութեան կռփամարտի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Հայկ Ալաբերքեան (51 քկ) եւ Ռուսլան Ասլիկեան (57 քկ) ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: Ալաբերքեան, նախքան աւարտականի իր տոմսը ապահովելը, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Ասիոյ ախոյեանին դէմ: Նշուեցաւ, որ աւարտականին իր տոմսը պիտի փորձէ ապահովել նաեւ Համլեթ Յարութիւնեան (80 քկ):  

Սամպօ.  Հայրենի Մարզիկները Մետալներու Տիրացան Խըրխըզիստանի Մէջ

Սամպօ. Հայրենի Մարզիկները Մետալներու Տիրացան Խըրխըզիստանի Մէջ

Խըրխըզիստանի մէջ տեղի ունեցող 2023-ի աշխարհի սամպոյի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստան, մրցումներուն առաջին օրը տիրացաւ երկու պրոնզ մետալի: 64 քկ դասակարգին մէջ Արթուր Մանուկեան տիրացաւ առաջին մետալին, մինչ երկրորդ մետալին տիրացաւ արցախցի Վահագն Չալեան` 88 քկ դասակարգի մրցումներուն:  

Միշել Տէր Զաքարեան «Լիկ-1»-ի 2-րդ Հանգրուանի Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

Միշել Տէր Զաքարեան «Լիկ-1»-ի 2-րդ Հանգրուանի Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ

Ֆրանսական Մոնփելիէի գլխաւոր մարզիչ հայազգի Միշէլ Տէր Զաքարեան ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ» մարզաթերթին կողմէ ընդգրկուեցաւ «Լիկ-1»-ի 2-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականին մէջ: 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն անոր գլխաւորած կազմը Լիոնի դաշտին մէջ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ տարեշրջանի բացման մրցումին անիկա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Լը Հաւրի դաշտին մէջ: Նշենք, որ 60 տարեկան Միշել Տէր Զաքարեան, Մոնփելիէի...

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Իր Մրցումները Պիտի Կատարէ Դեմիրճեանի Անուան Մարզահամալիրին Մէջ

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Իր Մրցումները Պիտի Կատարէ Դեմիրճեանի Անուան Մարզահամալիրին Մէջ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը 2027-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները պիտի կատարէ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Գ. խմբակին մէջ Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Աւստրիա եւ Ալպանիա: 25 փետրուար 2024-ին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Ալպանիան, իսկ 24 նոյեմբերին` Աւստրիան:    

Աթլեթիզմ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Երուանդ Մկրտչեան Հայկական Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Վազքի Մրցումներուն

Աթլեթիզմ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Երուանդ Մկրտչեան Հայկական Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Վազքի Մրցումներուն

Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Երուանդ Մկրտչեան թէեւ չյաջողեցաւ մետալի մը տիրանալ, սակայն ան 1500 մեթրի վազքի մրցումներուն հայկական նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 3'39''35 արդիւնք մը: Ան գրաւելով 11-րդ դիրքը չյաջողեցաւ յաղթահարել աւարտականի իր տոմսը: Նշենք, որ Երուանդ Մկրտչեան յուլիսին անկախ Հայաստանի աթլեթիզմի առաջին մետալին տիրացած էր համաշխարհային ուսանողական խաղերուն, երբ 1500 մեթրի վազքի մրցումներուն...

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Ապահովեց 13 Մետալ

Կռփամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Ապահովեց 13 Մետալ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կրտսեր տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստան ապահովեց 13 մետալ, ինչ որ այս տարիքային դասակարգին մէջ մրցանշային է հայկական կռփամարտի պատմութեան համար: Լիաննա Ժամհարեան արդէն իսկ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ինչպէս նաեւ ապահովեց նուազագոյնը արծաթ մետալ մը: Աղջկանց մրցումներուն, Աստղիկ Խաչատրեան բաւարարուեցաւ պրոնզ մետալով: Համեստ Աֆրիկեան (46 քկ) եւ Անահիտ...

Սարինա Վակման Կրնայ Փոխարինել Ռոնալտ Քումանը

Սարինա Վակման Կրնայ Փոխարինել Ռոնալտ Քումանը

Անգլիոյ ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Սարինա Վակման շատ հաւանաբար նշանակուի Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` փոխարինելով Ռոնալտ Քումանը: Եթէ պատահի, որ 53 տարեկան Վակման յաջորդէ Քումանի, պիտի կերտէ միջազգային պատմական իրագործում մը, որովհետեւ պիտի ըլլայ առաջին կին մարզիչը, որ կը գլխաւորէ տղոց ֆութպոլի ազգային խումբ մը: Քուման նախորդ յունուարին վերադարձած էր Նետերլանտներու ազգային խումբ, նախապէս նոյն այս պաշտօնը...

Կուարտիոլա Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Կուարտիոլա Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան, բաժակակիր եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր, Եւրոպայի գերբաժակակիր Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 52 տարեկան քաթալոնացի մասնագէտը վերջին շրջանին մէջքի զօրաւոր ցաւեր ունենալով շատ արագ կերպով վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ Պարսելոնայի մէջ: Անոր վերականգնողական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ: Յառաջիկայ մրցումներուն ընթացքին Սիթիի մարզիչի պաշտօնը պիտի կատարէ անոր օգնականը`...

Փարիզ Սեն Ժերմենի Նորեկը Վիրաւորուեցաւ

Փարիզ Սեն Ժերմենի Նորեկը Վիրաւորուեցաւ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի նորեկ ֆութպոլիստ, հարաւային քորէացի միջնապահ Լի Քանկ-Ին վիրաւորուեցաւ: Փարիզեան ակումբը նշեց, որ անոր ապաքինման համար կը պահանջուի շուրջ երեք շաբաթ: 22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վիրաւորեց իր ազդրին մկանը, այս ամրան ընթացքին  Մայորքայէն փոխան 22 միլիոն եւրոյի միացած էր Սեն Ժերմենին: Նշենք, որ ան իր ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ...

Պարսելոնա Մտադիր Է Ծախել Մարքոս Ալոնսոն

Պարսելոնա Մտադիր Է Ծախել Մարքոս Ալոնսոն

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա մտադիր է այս ամրան ընթացքին, նախքան մարզիկներու փոխանցման աւարտը, ծախել սպանացի 32 տարեկան յետսապահ Մարքոս Ալոնսոն, անոր բարձր աշխատավարձին պատճառով: Նախորդ յունուարին քաթալոնական ակումբը անոր պայմանագիրը երկարաձգած էր մինչեւ յունիս 2024: Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստին հրաժարագինը կը կազմէ 50 միլիոն եւրօ: Ալոնսօ, որ Ռէալ Մատրիտի սան է, մաս կազմած է նաեւ Պոլթընի, Ֆիորենթինայի, Սանտըրլենտի եւ Չելսիի: Ըստ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ուահտէ Շուֆ Հանդիսացաւ Լիբանանի Տղոց Դ. Դասակարգի Ախոյեան

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ուահտէ Շուֆ Հանդիսացաւ Լիբանանի Տղոց Դ. Դասակարգի Ախոյեան

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, Ուահտէ Շուֆ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 66-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Քատմուսը, հանդիսացաւ Դ. դասակարգի ախոյեան: Երրորդ դիրքի մրցումին, Արզ Թաննուրին 80-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթ Ֆիլը: Աւարտական մրցումի աւարտին, ախոյեան Ուահտէ Շուֆ իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ լիբանանեան պասքեթպոլի դաշտերու նախագահ Էլի Խալիլէն: Այսպիսով, Ուահտէ Շուֆ, Քատմուս...

Փարա-Ծանրաբարձութիւն.  Խորէն Ծատուրեան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Մէկ Արծաթ Մետալի

Փարա-Ծանրաբարձութիւն. Խորէն Ծատուրեան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Մէկ Արծաթ Մետալի

Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող  աշխարհի փարա-ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Խորէն Ծատուրեան, մեծապէս արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը: Ծատուրեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 49 քկ դասակարգի մրցումներուն, յաջողեցաւ տիրանալ մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալի:    

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ախոյեանը Մեկնեցաւ Կիպրոս

Ֆութսալ. Հայաստանի Ախոյեանը Մեկնեցաւ Կիպրոս

Հայաստանի ֆութսալի ախոյեան Երեւան երէկ մեկնեցաւ Կիպրոս, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութսալի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երեւանեան ակումբը, որ մաս կը կազմէ Ը. խմբակին, յաջորդաբար պիտի մրցի կիպրական ԱԷԼ Լիմասոլի (23 օգոստոս), զուիցերիական Միներվայի (24 օգոստոս) եւ Սան Մարինոն ներկայացնող Ֆիորենթինոյի (26 օգոստոս) դէմ: Նշենք, որ յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսերը կ՛ապահովեն իւրաքանչիւր...

Էդուարդ Վարդանեան Կրնայ Ելոյթ Ունենալ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի Մենամարտերուն

Էդուարդ Վարդանեան Կրնայ Ելոյթ Ունենալ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի Մենամարտերուն

Խառն մենամարտերուն մէջ ելոյթ ունեցող ռուսահայ մարտիկ Էդուարդ Վարդանեան շատ հաւանաբար  շուտով ելոյթ ունենայ «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի («Ալթիմէյթ Ֆայթինկ Չեմփիընշիփ») մենամարտերուն մէջ: «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մրցումներուն ան ցարդ արձանագրած է 25 յաղթանակ եւ կրած 4 պարտութիւն: 32 տարեկան Վարդանեան նախորդ յուլիսին հանդիսացաւ «ԱՔԱ» լիկայի կրան փրիի թեթեւ քաշային կարգի տիտղոսակիր` աւարտականին նաք աութով յաղթելով ղազախ Արտեոմ Ռեզնիքովին:    

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ներկայացուց Պելկրատի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան յունահռոմէական ոճի հաւաքականներուն նախնական կազմերը: Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ ընդգրկուած են. Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Գէորգ Ղարիբեան (60 քկ), Հրաչեայ Պօղոսեան (63 քկ), Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ), Շանթ Խաչատրեան (72 քկ), Մալխաս Ամոյեան (77 քկ), Սամուէլ Գրիգորեան (82 քկ), Գէորգ Թադէոսեան (87 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ) եւ Դաւիթ...

Արսէն Յովհաննիսեան Նշանակուեցաւ Շիրակի Գլխաւոր Մարզիչ

Արսէն Յովհաննիսեան Նշանակուեցաւ Շիրակի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արսէն Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ խումբի նոր գլխաւոր մարզիչ: 34 տարեկան մասնագէտը երկար տարիներ աշխատած է ակումբին մէջ` սկսելով մանկապատանեկան խումբերէն, հասնելով մինչեւ երկրորդ խումբ: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին ան կը գլխաւորէր Շիրակ-2-ը: Այս շաբաթասկիզբին Շիրակի գլխաւոր մարզիչ Էտկար Թորոսեան, որ ապրիլ 2020-ին նշանակուած էր մարզիչ, ներկայացուց իր...

Յովհաննէս Համբարձումեան Միացաւ Նոային

Յովհաննէս Համբարձումեան Միացաւ Նոային

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Անորթոսիսի (Կիպրոս) յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Նոային հետ: Նշենք, որ Նոա, տպաւորիչ ձեւով մը սկսաւ Հայաստանի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանը` իր կատարած առաջին երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրելով եւ ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը: Համբարձումեան, որ կիպրական կազմին միացաւ 2020-ին, անոր հետ 86 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8...

Թիերի Հանրի Նշանակուեցաւ Ֆրանսայի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Թիերի Հանրի Նշանակուեցաւ Ֆրանսայի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Արսենալի եւ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Թիերի Հանրի նշանակուեցաւ Ֆրանսայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ֆրանսական մարզական մամուլը յայտնեց, որ իր նոր պաշտօնը ստանձնելով, այժմ Հանրի սկսաւ իր նախապատրաստական աշխատանքներուն` Փարիզ-2024-ի ողիմպիական խաղերուն համար: Ան մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ պիտի հրապարակէ 2002-ի ծնունդ իր կազմին մարզիկները, պատրաստուելու համար յառաջիկայ սեպտեմբերին նախատեսուած մրցումներուն...

Սերճինիօ Տեսթ Փոխ Տրուեցաւ ՓՍՎ Այնտհովընին

Սերճինիօ Տեսթ Փոխ Տրուեցաւ ՓՍՎ Այնտհովընին

Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի մաս կազմող ծնունդով նետերլանտցի Սերճինիօ Տեսթ տարեշրջանի մը համար փոխ տրուեցաւ նետերլանտեան ՓՍՎ Այնտհովընին, յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: 22 տարեկան Տեսթ, որ նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր այլ ակումբի մը` իտալական Ա. Սէ. Միլանին, անոր հետ մասնակցած էր 8 մրցումի միայն: Նշենք, որ 2020-ին, Այաքս Ամսթերտամէն (Նետերլանտներ) Պարսելոնային միացած ֆութպոլիստը քաթալոնական կազմին հետ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն 70 Միլիոն Եւրօ Առաջարկեց Քոլօ Մուանիի Փոխանցման Համար

Փարիզ Սեն Ժերմեն 70 Միլիոն Եւրօ Առաջարկեց Քոլօ Մուանիի Փոխանցման Համար

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն երկրորդ անգամ ըլլալով առաջարկ մը ներկայացուց գերմանական Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին` իր կազմին միացնելու համար 24 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Ռանտալ Քոլօ Մուանին: Ֆրանսական մարզական մամուլը հաղորդեց, որ անոր փոխանցման համար մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ է վճարելու 70 միլիոն եւրօ: Նախկին առաջարկը 65 միլիոն եւրօ էր, որ սակայն մերժուած էր գերմանական ակումբին կողմէ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, նախորդ...

Page 264 of 1280 1 … 263 264 265 … 1,280

Արխիւներ