Ֆուլհեմին մաս կազմող սերպ յառաջապահ Ալեքսանտր Միթրովիչ իր կազմը լքելով միացաւ սէուտական Հիլալին, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին համար Ֆուլհեմ ստացաւ շուրջ 53 միլիոն եւրօ, ինչ որ ակումբին պատմութեան մէջ ամէնէն սուղ փոխանցումն է:
2018-էն ի վեր Ֆուլհեմին մաս կազմող Միթրովիչ կը նկատուի բաւական լաւ յառաջապահ մը. ան նշանակեց 111 կոլ եւ կատարեց 22 էսիսթ:
Իսկ Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 81 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 52 կոլ:


