Գասպար Տէրտէրեան` Արծաթէ Մետալակիր
Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ աշխարհի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական 20 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը:
Ախոյեանութեան վերջին օրը, 60 քկ դասակարգի մրցումներուն, Սուրէն Աղաջանեան ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանին:
4 մենամարտ կատարելէ եւ ընդհանուր 32-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք, Աղաջանեան աւարտականին 13-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Սումիթ Սումիթին, հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան:
67 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք եգիպտացի Մուսթաֆա Հիւսէյն Ֆաթի Ալամելտինէն, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
Իսկ պրոնզէ մետալին տիրանալու համար իրենց կատարած մրցումներուն Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Ռուբէն Գէորգեան (82 քկ) եւ Արշակ Գեղամեան (97 քկ), ձախողեցան իրենց առաքելութեան մէջ:
Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը 20 տարեկանէն վար այս ախոյեանութեան իր ելոյթները աւարտեց` տիրանալով մէկ ոսկի, մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալի եւ խմբային դասաւորման մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը:
Նշենք, որ Հայաստանի համար առաջին մետալը ապահոված էր Վիգէն Նազարեան` 87 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականին, Էդիկ Յարութիւնեան միակն ըլլալով տիրացաւ պրոնզ մետալին, 57 քկ դասակարգի մրցումներուն 8-4 արդիւնքով յաղթելով իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Ռուսլան Ապտուլայեւին:


