Աւսրտրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ տեղի ունեցած 2023-ի աղջկանց Մոնտիալը նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Սպանիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ:
Երկու կազմերն ալ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը հասնէին աւարտական հանգրուան:
Սպանիա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով 2022-ին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Անգլիան:
Յաղթական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Օլկա Քարմոնա Կարսիա` 23-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ նախորդ Մոնտիալի տիտղոսակիրն էր Միացեալ Նահանգներու կազմը:


