Ռուսիոյ ֆութպոլի 20 տարեկանէն վար ազգային խումբի միջնապահ Արսէն Զախարեան իր ակումբը` Տինամօ Մոսկուան լքելով միացաւ սպանական Ռէալ Սոսիետատին, այս մասին յայտնեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Զախարեան, որ վեց տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սան Սեպասթիանը ներկայացնող ակումբին հետ, պիտի կրէ թիւ 12 մարզաշապիկը:
Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման համար Սոսիետատ վճարեց 12 միլիոն եւրօ:
Զախարեան, որ Տինամոյի սան է, 2021-էն ի վեր ելոյթ ունենալով իր խումբին հետ, 89 մրցումի ընթացքին նշանակեց 19 կոլ եւ կատարեց 25 էսիսթ:


