Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի Լիկաներու բաժակի ֆութպոլի մրցաշարքը նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ ամերիկեան Ինթեր Մայեմիի յաղթանակով, ան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին:
Աւարտականի մրցումին, Մայեմի փենալթիներով` 10-9 արդիւնքով յաղթեց ամերիկեան Նեշվիլին. մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
23-րդ վայրկեանին աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նշանակեց Մայեմիի կոլը, այսպիսով կոլի հեղինակ դառնալով յաջորդաբար 7-րդ մրցումն ըլլալով:
Լիոնել Մեսսի, որ տիրացաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին 44-րդ տիտղոսին, հանդիսացաւ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն տիտղոսակիր խաղացողը` գերազանցելով պրազիլցի յետսապահ` Տենի Ալվեսը:


