Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի աշխարհի ըմբշամարտի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վիգէն Նազարեան 87 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Հայրենի ըմբիշը իր կատարած մենամարտին 7-0 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի իր մրցակիցին` Ճոն Ուոլքըրին:
Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի հինգ ներկայացուցիչներէն երկուքը ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Ոսկի մետալի համար պիտի պայքարին Սուրէն Աղաջանեան (60 քկ) եւ Գասպար Տէրտէրեան (67 քկ):
Աղաջանեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ հնդիկ Սումիթ Սումիթ, իսկ Տէրտէրեանի մրցակիցը` եգիպտացի Եասին Ալի Եազտի:
Նշենք, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, որ այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 9 ըմբիշով, տիրացաւ միայն պրոնզ մետալի մը, այդ ալ` շնորհիւ Էդիկ Յարութիւնեանի, որ 57 քկ դասակարգի մրցումներուն 8-4 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի Ռուսլան Ապտուլայեւին:


