Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 20 տարեկան յառաջապահ Անսու ֆաթի մտադիր չէ հեռանալ սպանացի Չաւիի գլխաւորած խումբէն, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Հակառակ անոր որ ան ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ, սակայն ան յայտնեց, որ պիտի պայքարի հիմնական մարզիկ դառնալու համար:
Նոր տարեշրջանի բացման մրցումին, ան Կեթաֆէի դէմ դաշտ ներկայացաւ միայն 11 վայրկեան:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027:


