Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Սինսինաթիի «Մասթըրզ-1000»
(Միացեալ Նահանգներ) թենիսի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ սպասուած ճակատումը` թիւ մէկ դասուած սպանացի Քարլոս Ալքարասի եւ երկրորդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի միջեւ:
3 ժամ եւ 49 վայրկեան տեւած պայքարէ մը ետք, Ճոքովիչ արձանագրելով 5-7, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը, տիրացաւ տիտղոսին:
Այսպիսով, ան տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 95-րդ տիտղոսին եւ այժմ կը զիջի միայն Ճիմի Քանըրզի (109) եւ Ռոժէ Ֆետերերի (103):
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէր 6,6 միլիոն ամերիկեան տոլար: