Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») Ա. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք սկսան նախորդ շաբաթավերջին, իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմը` Ինթեր Միլան, տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Մոնցան:
Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզ կերտեց իր կազմին յաղթանակը, իր իրագործած տուպլէին շնորհիւ (8-րդ եւ 76-րդ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, Ինթերի հետ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Տարեշրջանի բացման հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Ֆիորենթինա, Եուվենթուս, Նափոլի, Աթալանթա, Լեչէ եւ Վերոնա:


