Մարզական

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան Աւարտեց Իր Ելոյթները

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ Երեւան Աւարտեց Իր Ելոյթները

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան աւարտեց իր ելոյթները` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը, որ զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումին կրած էր 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` նորվեկիական Պոտօ Կլիմթէն, դարձի մրցումին եւս կրեց նոյն արդիւնքով պարտութիւն մը, այս անգամ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած մրցումին: Հիւր կազմը իր...

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Հանդիսացաւ 7-րդ

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Հանդիսացաւ 7-րդ

Երէկ Նետերլանտներու Այնտհովըն քաղաքին մէջ աւարտեցաւ ճատրակի համաշխարհային օլիմփիատը: Հայաստանի 16 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականին վերջին մրցակիցը 9-րդ հանգրուանին հանդիսացաւ Ղազախստան: Հայրենի կազմը կրելով 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութիւն մը, գրաւեց 7-րդ դիրքը: Ախոյեան հանդիսացաւ Չինաստան` 17 կէտով, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Թուրքիա (15 կէտ) եւ Յունաստան (13 կէտ): Նշենք, որ 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն Հայաստան...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Յստակացան Կիսաւարտական Հանգրուան Հասածները

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Յստակացան Կիսաւարտական Հանգրուան Հասածները

Աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտական հանգրուան հասած մասնակիցները: Վերջին տոմսը ապահովողը հանդիսացաւ 2690 վարկանշային կէտ ունեցող հնդիկ Ռամեշպապու Փրակնանանտհա, որ թայ պրէյքի մրցումին, 5-4 արդիւնքով յաղթեց հնդիկ Արճուն Էրիկայիսիին: Կիսաւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանան (2782), որ իր յաղթանակը արձանագրեց ամերիկացի Լինիեր Տոմինկեզ Փերեսի դէմ (1,5-0,5): Կիսաւարտականի միւս մրցումին,...

Սէուտական Արաբիոյ Ֆութպոլի Ակումբները Կ՛ուզեն Մասնակցիլ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

Սէուտական Արաբիոյ Ֆութպոլի Ակումբները Կ՛ուզեն Մասնակցիլ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

Արաբական ֆութպոլի ֆետերասիոններու միութիւնը կը փափաքի, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ն Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ակումբներուն յատուկ հրաւէր մը ղրկէ, որպէսզի անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերեն «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: Նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերելով, Սէուտական Արաբիա կը փափաքի բարձրացնել երկրին յառաջատար ակումբներուն` Նասըրի, Հիլալի, Իթթիհատի եւ Ահլիի միջազգային մակարդակը:  

Տեմպելէ Ստացաւ Թիւ 10 Մարզաշապիկը

Տեմպելէ Ստացաւ Թիւ 10 Մարզաշապիկը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին նորեկ ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ իր կազմին հետ իր մրցումները պիտի կատարէ թիւ 10 մարզաշապիկով: Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջերս միացաւ մայրաքաղաքի կազմին` հեռանալէ ետք իր ակումբէն` Պարսելոնայէն: Նշենք, որ Սեն Ժերմենի հետ թիւ 10 մարզաշապիկով դաշտ կը ներկայանար պրազիլցի Նէյմար, որ միացաւ Հիլալին (Սէուտական Արաբիա):

Արաուխօ 4-6 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Արաուխօ 4-6 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող ուրուկուէյցի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ, որ վիրաւորեց իր ազդրը, 4-6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 24 տարեկան ֆութպոլիստը նախորդ տարեշրջանին Չաւիի գլխաւորած կազմին հիմնական մարզիկներէն մէկն ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ 31 մրցումի: «Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 70 միլիոն եւրոյով:

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստներուն Տասնեակը

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստներուն Տասնեակը

Միջազգային մարզական մամուլին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստներու տասնեակին առաջին դիրքը կը գրաւէ սէուտական արաբիական Նասըր խումբին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն տարեկան աշխատավարձն է 200 միլիոն եւրօ: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Քարիմ Պենզեմա (Իթթիհատ), մինչ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Նէյմար (Հիլալ). անոնց տարեկան եկամուտն է 100-ական միլիոն եւրօ: Նշենք, որ առաջին տասնեակին մաս...

Լիորիս Կրնայ Միանալ Լացիօ Ռոմային

Լիորիս Կրնայ Միանալ Լացիօ Ռոմային

Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող ֆրանսացի բերդապահ Հիւկօ Լիորիս շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ իտալական Լացիօ Ռոմայի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Անգլիական ակումբը, անոր հեռացման գծով ոչ մէկ արգելք կը դնէ, մանաւանդ որ ան կը փափաքի այլ ախոյեանութեան մը իր մասնակցութիւնը բերել: Եթէ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, 36 տարեկան ֆրանսացին պիտի ստորագրէ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:...

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստան-Չինաստան` 2-2

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստան-Չինաստան` 2-2

Այնտհովընի մէջ (Նետերլանտներ) տեղի ունեցող համաշխարհային ճատրակի օլիմփիատի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Չինաստանի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Ռոպերթ Փիլիպոսեան եւ Էրիկ Գասպարեան հաւասարութիւն արձանագրեցին, Բենիկ Ագասարով` յաղթանակ մը, մինչ Նուարդ Հայրապետեան պարտութիւն մը կրեց: Չինաստան այժմ 13 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Հայաստան, Թուրքիա եւ Ղազախստան 11-ական կէտով...

Ճատրակ.  Սամուէլ Տէր Սահակեան Տիտղոսակիր` Վլեսինկենի Մէջ

Ճատրակ. Սամուէլ Տէր Սահակեան Տիտղոսակիր` Վլեսինկենի Մէջ

Հայրենի կրանտմասթըր Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Վլեսինկենի մէջ (Նետերլանտներ) տեղի ունեցած «ԷՅՉ. ԶԵՏ. Իւնիվերսիթի Աֆ Ըփլայտ Սայընս Չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, հանդիսացաւ տիտղոսակիր, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող Տէր Սահակեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով գրաւեց առաջին դիրքը: Անոր ետին նոյնքան կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց նետերլանտցի Նիք Մաաթման:...

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի 17 Տարեկանէն Վար Ազգային Հաւաքականը Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Հայաստանի Աղջկանց Ֆութպոլի 17 Տարեկանէն Վար Ազգային Հաւաքականը Մարզական Հաւաքի Մը Սկսաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային հաւաքականը մարզական հաւաքի մը սկսաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս մարզական հաւաքը իր աւարտին պիտի հասնի այս շաբաթավերջին: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մարիամ Ստեփանեան այս հաւաքին ընդմէջէն պիտի կազմէ իր խումբը` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն գծով:

Նայիր Տիկնիզեան` Լոքոմոթիւ Մոսկուայի Յուլիսի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Նայիր Տիկնիզեան` Լոքոմոթիւ Մոսկուայի Յուլիսի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան ճանչցուեցաւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յուլիս ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, ան ստացաւ ձայներուն 60 տոկոսը: Այսպիսով, 24 տարեկան ֆութպոլիստը յաջորդաբար երրորդ ամիսն ըլլալով կը ճանչցուի իբրեւ ակումբին լաւագոյն ֆութպոլիստը: Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով իր կատարած վեց մրցումներուն ընթացքին ան նշանակած է չորս կոլ:...

Եւրոպայի Գերբաժակի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Մանչեսթըր Սիթի Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Եւրոպայի Գերբաժակի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Սիթի Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին: Յունաստանի «Քարայիսքաքիս» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Մանչեսթըր Սիթի-Սեւիլլա մրցումին անգլիական կազմը փենալթիներով 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Եուրոփա Լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր Սպանիոյ ներկայացուցիչը: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ, որմէ ետք ուղղակի դիմուեցաւ փենալթիներու...

Լէանտրօ Փարետես Միացաւ Ա. Էս. Ռոմային

Լէանտրօ Փարետես Միացաւ Ա. Էս. Ռոմային

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Լէանտրօ Փարետես Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն միացաւ իտալական Ա. Էս. Ռոմային: 29 տարեկան ֆութպոլիստը հռոմեան կազմին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ 30 յունիս 2025: Անոր փոխանցման համար Ա. Էս. Ռոմա վճարեց 2,5 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ նախապէս ալ Ա. Էս. Ռոմային մաս կազմած Փարետես (2014-2017 ժամանակամիջոցին) 54 մրցումի ընթացքին նշանակած է 4 կոլ...

Տեքօ Վերադարձաւ Պարսելոնա

Տեքօ Վերադարձաւ Պարսելոնա

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի նախկին միջնապահ Տեքօ վերադարձաւ քաթալոնական ակումբ` ստանձնելով թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը: 45 տարեկան փորթուգալցի Տեքօ, որ փոխարինեց Մաթէու Ալեմանիին, մինչեւ 30 յունիս 2026 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պարսայի հետ: 2004-2008 ժամանակամիջոցին Պարսելոնային մաս կազմած Տեքօ իր ակումբին հետ երկու անգամ հանդիսացած է Սպանիոյ ախոյեան (2005 եւ 2006), երկու անգամ` Սպանիոյ գերբաժակակիր (2005 եւ 2006), իսկ մէկ անգամ ալ`...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի  20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի  Իր Մրցակիցին Եւ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 20 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Յարութիւնեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ազատ ոճի ըմբշամարտի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Էդիկ Յարութիւնեան Հայաստանին ապահովեց առաջին մետալը: 57 քկ դասակարգի մրցումներուն, հայրենի ըմբիշը 8-4 արդիւնքով յաղթելով ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ռուսլան Ապտուլայեւին, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Յարութիւնեան թէեւ պարտուած էր քառորդ աւարտականի մրցումներուն, սակայն կարելիութիւն ունեցած էր պայքարիլ պրոնզ մետալի մենամարտին` նկատի ունենալով, որ ամերիկացի Լիւք Լիլենտալ ապահոված էր...

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ.  Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականին Երրորդ Յաղթանակը

Ճատրակ. Համաշխարհային Օլիմփիատ. Հայաստանի 16 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Երրորդ Յաղթանակը

Այնտհովընի մէջ (Նետերլանտներ) տեղի ունեցող համաշխարհային ճատրակի օլիմփիատի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար պատանեկան հաւաքականը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Սլովաքիոյ: 5-րդ հանգրուանին, Հայաստան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Նետերլանտներու առաջին խումբին, իսկ 6-րդ հանգրուանին հայրենի կազմը 2,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Հունգարիոյ: Նախորդ երեք հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստան յաղթած էր Ճափոնի (4-0) եւ Անգլիոյ (3,5-0,5) եւ պարտուած` Թուրքիայէն: Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ ընդգրկուած են...

Պասքեթպոլ. 2027-ի Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականի  Մրցումներուն Յայտագիրը

Պասքեթպոլ. 2027-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականի Մրցումներուն Յայտագիրը

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հրապարակեց Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք զտումի մրցումներուն յայտագիրը` 2027-ի աշխարհի ախոյեանութեան գծով: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Աւստրիան եւ Ալպանիան: Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Աւստրիոյ (22 փետրուար 2024), Ալպանիոյ (25 փետրուար 2024), Աւստրիոյ (24 նոյեմբեր 2024) եւ Ալպանիոյ (20 փետրուար 2025) դէմ: 25 փետրուարին եւ 24...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան 3-0 Արդիւնքով  Պարտութիւն Մը Կրեց Նորվեկիոյ Մէջ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Այսօր` Փիւնիկ Երեւան-Պոտօ Կլիմթ Դարձի Մրցումը

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան` Փիւնիկ Երեւանի եւ նորվեկիական Պոտօ Կլիմթի միջեւ մրցումը, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 17 օգոստոսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ: Մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ Հելկի Միքայէլ Եոնասըն (Իսլանտա), մինչ անոր ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ Եղիշէ Մելիքեանի...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Սարգիս Ադամեան Նշանակեց  Քէօլնի Երկրորդ Կոլը

Գերմանական Ֆութպոլ. Սարգիս Ադամեան Նշանակեց Քէօլնի Երկրորդ Կոլը

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Քէօլն, որ հիւրը եղաւ Օսնապրուքին, երկարաձգման ընթացքին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց 1-32-րդ հանգրուանի իր տոմսը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ Քէօլնի հետ դաշտ ներկայացաւ 52-րդ վայրկեանին, նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը` երկարաձգման 3-րդ վայրկեանին (93-րդ): Ա. հանգրուանի մրցումներուն, կոլի հեղինակ դարձաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի...

Page 266 of 1280 1 … 265 266 267 … 1,280

Արխիւներ