18 տարեկան հնդիկ կրանտմասթըր Ռամեշպապու Փրակնանանտհա ապահովեց աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը:
Կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին, ան թայ պրէքով մրցաշարքէն դուրս ձգեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարաուանան` անոր դէմ արձանագրելով 3,5-2,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աւարտականի մրցումին, անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ աշխարհի 16-րդ ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը, որ իր յաղթանակը արձանագրեց ազրպէյճանցի Նիճաթ Ապասովի դէմ: