Իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի իր պայմանագրութիւնը խզեց զուիցերիական Սիոնի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
32 տարեկան Պալոթելլի, որ օգոստոս 2022-ին միացած էր Սիոնի, իր կազմին հետ 19 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ:
Նշենք, որ 2022-2023 տարեշրջանին Սիոն Ա. դասակարգէն փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Պալոթելլի, որ զուիցերիական կազմին միացած էր թրքական Ատանա Տեմիրսփորէն, շատ հաւանաբար դարձեալ վերադառնայ վերջինին:


