Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի նշանառութեան բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան հանդիսացաւ ախոյեան:
Ատրճանակի մրցաձեւի 10 մեթրի, 60 կրակոց աղջկանց մրցումներուն, ան 579 կէտ ապահովելով եւ գրաւելով երրորդ դիրքը, անցաւ յաջորդ հանգրուան:
Աւարտականին, ան ապահովելով 236,6 կէտ եւ բարելաւելով իր դիրքը, հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Հայաստանը կը ներկայացնէ նաեւ ատրճանակ մրցաձեւին մէջ հանդէս եկող Բենիկ Խլղաթեան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի 19 սեպտեմբերին: