Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, «Արեւմտեան Հայաստան», որ հիւրընկալեց Չարենցաւանի Վանը, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով:
Տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը արձանագրելէ բացի, «Արեւմտեան Հայաստան» նաեւ ապահովեց տարեշրջանի իր առաջին երեք կէտը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին ռուս միջնապահ Զախար Թարասենքօ (45-րդ) եւ պրազիլցի յառաջապահ Թէոֆիլօ Էյտիսոն (81-րդ):