Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 4-րդ հանգրուանի գագաթի մրցումին, Պայերն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Պայեր Լեւերքուզընը, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւր կազմը` Լեւերքուզըն պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+4-րդ) արժանթինցի Էզեքուել Փալասիոս նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը` փենալթիով:
Մարզիչ Թոմաս Թուխելի գլխաւորած կազմին` Պայերն Միւնիխի կոլերը նշանակեցին անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն (7-րդ) եւ գերմանացի միջնապահ Լէոն Կորեցքա (86-րդ):
Նշենք, որ իր նշանակած այս կոլին շնորհիւ, այսպիսով Քէյն կրկնեց գերմանացի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզէի մրցանիշը, որ 2007-ին Պայերնի հետ յաջորդական չորս մրցումի ընթացքին նշանակած էր 4 կոլ:
Այս հանգրուանէն ետք, Պայեր Լեւերքուզըն (առաջին) եւ Պայերն Միւնիխ (երկրորդ), որոնք ունին 10-ական կէտ, ցարդ կը մնան անպարտելի: