Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Նոայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 21 տարեկան միջնապահ-յառաջապահ դիրքերուն վրայ խաղացող Գոռ Մանուէլեան միացաւ խումբին:
Մանուէլեան, որ 2015-էն ի վեր հանդէս կու գայ ֆրանսական Նանթի ակադեմիային հետ, մաս կազմած է նաեւ անոր Բ. խումբին եւ բաւական լաւ արդիւնքներու հասած է Ֆրանսայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով:
Ան 2021-ին պայմանագրութիւն մը կնքեց «Լիկ-1»-ը ներկայացնող Նանթի հետ եւ նոյն տարին իր կազմին հետ հանդիսացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակակիր` անոր հետ իր նորամուտը նշելով 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին:
Նշենք նաեւ, որ Գոռ Մանուէլեան այս ամիս իր նորամուտը նշեց նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին հետ:


