Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Իթթիհատ, որ հիւրը եղաւ Ախտուտին, արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա` 72-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, 35 տարեկան Պենզեմա ցարդ վեց մրցումի ընթացքին նշանակած է 3 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Իթթիհատ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 15 կէտով:


