Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին պիտի մրցի Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ:
Երկու կազմերուն միջեւ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 17 հոկտեմբերին, մրցակիցին դաշտին վրայ:
Նշենք, որ հայրենի կազմը «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 12 հոկտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Լիթուանիոյ:


