Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փոկոն, որ հիւրընկալեց Քորոնան, անոր դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, հակառակ անոր որ հիւր կազմը ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, 36-րդ վայրկեանին` փենալթիով:
Սակայն, Ա. կիսախաղի կորսուած վայրկեաններուն (45+6-րդ), Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վահան Բիչախչեան նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը:
Փոկոնի երկրորդ կոլին (66-րդ) էսիսթը կատարելէ ետք, հայրենի ֆութպոլիստը փոխարինուեցաւ 75-րդ վայրկեանին:
Փոկոն, որ ցարդ իր կատարած 7 մրցումներուն ընթացքին արձանագրած է երեք եւ կրած չորս պարտութիւն, այժմ ունի 9 կէտ: