Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 16 սեպտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Միլանօ քաղաքի տերպին` Ինթեր Միլանի եւ Ա. Սէ. Միլանի միջեւ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Ճիուզեփփէ Մէացցա» մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունենալիք այս ճակատումին արդիւնքը պիտի ըլլայ բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ ցարդ իրենց կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին արձանագրած են երեքական յաղթանակ եւ ապահոված առաւելագոյն 9 կէտը:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, Ինթեր Միլանի իր խմբակիցներուն հետ շարունակելով իր փորձերը, կը գտնուի բաւական լաւ մարզավիճակի մէջ:


