Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Դաւթեան, հանդիսացաւ Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան, հայրենի ճատրակ խաղացողը Ա. հանգրուանին պարտութիւն կրելէ ետք, արձանագրեց յաջորդական ութ յաղթանակ եւ ապահովեց 8 կէտ` առաւելագոյն 9 կէտէն:
Ախոյեանութեան ընթացքին Դաւթեան ամբողջացուց նաեւ միջազգային վարպետի կոչումը. ան երրորդ անգամ ըլլալով կ՛ամբողջացնէր այդ կոչումը:
Բենիկ Աքասարով Հայաստանին ապահովեց փոխախոյեանի կոչումը 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7,5 կէտ, առանց որեւէ պարտութիւն կրելու:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան մասնակցեցաւ 36 ճատրակ խաղացողներով (26 տղաք եւ 10 աղջիկներ):