25 սեպտեմբերէն 9 հոկտեմբերին Պելճիքայի Անվերս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի մարմնամարզութեան 52-րդ ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանի հինգ ներկայացուցիչները, որոնք ուսումնամարզական հաւաք մը կատարեն Վրաստանի Թիֆլիս մայրաքաղաքին մէջ, պիտի ըլլան Արթուր Դաւթեան, Յարութիւն Մերդինեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Իսկ հաւաքականին մարզիչները պիտի ըլլան Յակոբ Սերոբեան, Հայկ Նազարեան եւ Սօս Սարգսեան:
Նշենք, որ աշխարհի այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է «Փարիզ-2024»-ի ողիմպիականի խաղերուն համար: