Քանի մը օր առաջ, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց 2022 «Տարուան լաւագոյն Ֆութպոլիստ»` «Տը Պեսթ»-ի մրցանակին 14 թեկնածուներուն ցանկը:
Այդ 12 մարզիկներն են. Ժուլիան Ալվարեզ, Ժիւտ Պելինկհեմ, Քարիմ Պենզեմա, Քեւին տը Պրույնը, Էրլինկ Հաալանտ, Աշրաֆ Հաքիմի, Ռոպերթ Լեւանտովսքի, Սատիօ Մանէ, Քիլիան Էմպափէ, Լիոնել Մեսսի, Լուքա Մոտրիչ, Նէյմար, Մոհամետ Սալահ եւ Վինիսիուս Ժունիոր:
Կազմակերպութեան կայքը յայտնեց, որ տեղի ունենալիք քուէարկութեան ընթացքին նկատի պիտի չառնուին 2022-ի Մոնտիալին արդիւնքները:
Ֆութպոլիստներուն ունեցած արդիւնքներն ու անոնց յաջողութիւնները նկատի պիտի առնուին 19 դեկտեմբեր 2022-էն 20 օգոստոս 2023:
Թէեւ այդ ցանկին մէջ է աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի, սակայն անոր արդիւնքները այդ Մոնտիալին նկատի պիտի չառնուին:


