19-28 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Ծաղկաձոր-Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որ կը կազմակերպէ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիան:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Ա. եւ Բ. խմբակներով, զուիցերիական դրութեամբ, 9 հանգրուանի մրցումներով` ՖԻՏԷ-ին օրէնքներուն համաձայն:
Նշուեցաւ, որ անոր շրջանակին ծիրին մէջ, յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ նաեւ կայծակնային մրցաշարք:
Մասնակցող երկիրներուն կարգին են Հնդկաստան, Իրան, Իսլանտա, Ռուսիա, Աւստրիա, Հայաստան եւ ուրիշներ:
Անոր ներկայ պիտի ըլլան շուրջ 220 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 23 միջազգային կրանտմասթըրներ, 46 միջազգային եւ ՖԻՏԷ-ի վարպետներ:
«Ծաղկաձոր-Օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 10,5 միլիոն դրամ: