Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ նահանգին մէջ տեղի ունեցած Պրազիլի ճատրակի բաց ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 138 բաւական փորձառու եւ անուանի ճատրակ խաղացողներ:
Մասնակցողներուն կարգին էր նաեւ, պրազիլահայ անուանի ճատրակ խաղացող Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս արձանագրեց փայլուն եւ տպաւորիչ արդիւնքներ:
Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ, հանդիսացաւ ախոյեան:
Նշենք, որ Մխիթարեան այս ախոյեանութիւնը աւարտեց առանց պարտութեան (եօթը յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն):