Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի մէջ հիւրընկալեց քոթ տ՛ազիւրեան կազմերէն` Նիսը, անկէ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 3-2 արդիւնքով:
Իր կատարած նախորդ մրցումներուն, Նիս արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ 3 հաւասարութիւն, մինչ մայրաքաղաքի կազմը` երկու յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց նիկերիացի յառաջապահ Թերեմ Մոֆի (21-րդ եւ 68-րդ), մինչ Սեն Ժերմենէն` ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ (29-րդ եւ 87-րդ):