Անգլիոյ ֆութպոլի ՎԱՌ-ի (վիտէօ էսիսթ ռեֆըրի) պաշտօնավարներ Տերըն Ինկլընտ եւ Տեն Քուք երկու մրցումով փոխարինուեցան, սխալ որոշում տալէ ետք անցեալ շաբաթավերջին Թոթենհամ-Լիվըրփուլ մրցումին` չեղեալ նկատելով Լիվըրփուլի քոլոմպիացի Լուիս Տիասի «մաքուր» կոլը:
Լիվըրփուլ արդէն 9 մարզիկներով աւարտեց մրցումը, երբ Քըրթիս Ճոնզ եւ Տիոկօ Ճոթա վտարուեցան բաւական «տաք» մրցումէ ետք, որուն աւարտին (96-րդ վայրկեանին) Լիվըրփուլի քամերունցի պաշտպան Ժոել Մաթիւի սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Թոթենհամի յաղթանակի կոլը:
Լիվըրփուլ մրցումին 34-րդ վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Տիասի, բայց, ինչպէս նշեցինք, ՎԱՌ-ը օֆ սայտ նկատած էր:
Իրաւարարներու վարչական յանձնախումբը` Փրոֆեշընըլ կէյմ մեչ օֆիշըլզ լիմիթըտ (PGMOL), աւելի ուշ ընդունած էր, որ ՎԱՌ-ի որոշումը սխալ էր, եւ Տիասի կոլը «մաքուր» էր եւ պէտք էր վաւերացուէր ՎԱՌ-ի միջոցով: