Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան Արթուր Դաւթեան մարմնամարզութեան «Ուորլտ Չելընճ Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ հանդիսացաւ բաժակակիր յենացատկի մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«Ուորլտ Չելընճ Քափ»-ի մրցաշարքը տեղի կ’ունենայ պելճիքական Անվերս քաղաքին մէջ:
Նշենք, որ Արթուր Դաւթեան յենացատկի մրցումներուն ոսկի մետալներու տիրացած էր Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի եւ Խրուաթիոյ Օսիյեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքերուն: