Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիա շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան վիրաւորուեցաւ Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 8-րդ հանգրուանի մրցումին եւ փոխարինուեցաւ 37-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, 26 տարեկան Ռաֆինիա պիտի բացակայի նուազագոյնը հինգ մրցումով, որոնց կարգին՝ Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենանիք 11-րդ հանգրուանի «Քլասիքօ»-ի մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ 28 հոկտեմբերին: